Քիւրտ ուսանողը սպաննած ոստիկանները անպարտ հռչակուեցան

ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 2017ի Նեւրուզի տօնակատարութիւններուն ընթացքին հազարաւորներու աչքերուն առջեւ ոստիկաններու կրակոցով սպաննուած էր երաժշտանոցի ուսանող Քեմալ Քուրքութ: Անզէն երիտասարդին սպանութիւնը ոստիկանական շրջանակները եւ Տիգրանակերտի կուսակալը մամուլին ներկայացուցին, իբրեւ «մահապարտի մը չէզոքացում»՝ պնդելով, որ ան տօնակատարութեան վայրը եկած էր ինքզինք պայթեցնելու համար: Այդ սուտը իսկոյն հերքուեցաւ թղթակիցներու լուսանկարով, որուն մէջ Քուրքութ կը տեսնուէր կիսամերկ վիճակով:

Ոճիրէն ետք Քուրքութի ընտանիքը դիմեց դատարան՝ ոճրագործ ոստիկանները պատժելու պահանջով: Դատարանի վերջին նիստին, Քուրքութը սպաննած ոստիկանը անպարտ հռչակուեցաւ:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2020
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ