Սպանիոյ Քոնկրէսն ընդունած է պատգամաւոր Ճոն Ինիարիտուի առաջարկ-միջնորդութիւնը

Սպանիոյ Քոնկրէսը ընդունած է պատգամաւոր Ճոն Ինիարիտուի հերթական առաջարկ-միջնորդութիւնը, որմով Քոնկրէսը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքացիական եւ զինուորական զոհերու ընտանիքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։

Առաջարկ-միջնորդութիւնը կը վերահաստատէ հայ ժողովուրդի հետ խոր բարեկամական կապերը, կարեւոր կը համարէ հայկական մշակութային եւ կրօնական կեդրոններու պաշտպանութիւնը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող կամ անոնց վերահսկողութեան տակ անցնող տարածքներուն մէջ, ԵՄ-ի կողմէ անհրաժեշտութեան պարագային Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական օգնութեան ծաւալներու աւելումը, ինչպէս նաեւ՝ ներքին տեղահանուածներու եւ փախստականներու վերադարձը իրենց բնակավայրեր։

Կը նշուի, որ Քոնկրէսին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերէն որեւէ մէկը վերոնշեալ առաջարկ-միջնորդութեան դէմ չէ քուէարկած:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2020
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ