Ֆրանսայի Ծերակոյտն այսօր պիտի քննարկէ Արցախի անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւի նախագիծը

18 նոյեմբերին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտը որոշած է քուէարկութեան ներկայացնել «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւի նախագիծը, որ Ծերակոյտին մէջ պիտի քննարկուի 25 նոյեմբերին: Այս մասին կը հաղորդէ Ծերակոյտի պաշտօնական կայքը:

Բանաձեւը ստորագրած են Ծերակոյտի առաջին մեծագոյն 5 քաղաքական խմբակցութիւններու նախագահները: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումը, «որ կը կատարուի թրքական իշխանութիւններու եւ արտասահմանցի վարձկաններու աջակցութեամբ», եւ կոչ կ՛ուղղէ «ազրպէյճանական զինեալ ուժերն ու անոնց կողմնակիցները անյապաղ հեռացնելու այն տարածքէն, որ 27 սեպտեմբեր 2020-էն սկսեալ գրաւուած է Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւններուն պատճառով»:

Բանաձեւը ֆրանսական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` «ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ այդ ճանաչումը դարձնելու բանակցութիւններու գործիք` ամուր խաղաղութիւն հաստատելու համար»:

http://www.aztagdaily.com/archives/490556 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2020
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ