Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը տակաւին չէ որոշուած. անիկա պիտի յստակացուի ապագային. Փութին

Երեքշաբթի, 17  նոյեմբերին, ռուսական «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն ելոյթ ունենալով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը տակաւին չէ որոշուած:

«Մենք համաձայնած ենք, որ պիտի պահպանենք ներկայ իրավիճակը, իսկ ինչ կ՛ըլլայ ապագային՝ պէտք է որոշել: Կը կարծեմ, որ եթէ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին՝ վերականգնին յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, ինչպէս՝ ժողովուրդներուն միջեւ կենցաղային մակարդակի վրայ, անոնք նաեւ կը ստեղծեն պայմաններ որոշելու Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը: Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղը` իբրեւ անկախ, ինքնուրոյն պետութիւն ճանչնալ-չճանչնալուն, այդ մէկը  կարելի է տարբեր ձեւով գնահատել, սակայն անիկա, անկասկած, զգալի հանգամանք էր, որովհետեւ Ղարաբաղի չճանչցուած ըլլալ, նաեւ՝ Հայաստանի կողմէ, զգալի հետք կը ձգէր իրադարձութիւններու ընթացքին եւ անոնց ընկալման վրայ: Այստեղ անհրաժեշտ է ուղղակի ըսել, որ ժամանակին, նախկին վրացական ղեկավարութեան, անկասկած, յանցաւոր գործողութիւններէն ետք, նկատի ունիմ Հարաւային Օսէթիոյ մեր խաղաղապահները հարուածելը, Ռուսիա ճանչցաւ Հարաւային Օսէթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը: Մենք ճանչցանք  նաեւ, որ Ղրիմի մէջ բնակող ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնը ու այնտեղ բնակող մարդոց՝ Ռուսիոյ հետ վերամիաւորուելու ձգտումը արդար է, մենք ընդառաջ գացինք մարդոց. մենք այդ բանը ըրինք բաց կերպով: Այդ քայլը կրնայ ինչ որ մէկուն հաճելի թուիլ, ուրիշի մը՝ ոչ, բայց մենք այդ քայլը առինք ելլելով այնտեղ բնակող մարդոց շահերէն եւ Ռուսիոյ շահերէն, եւ մենք չենք ամչնար այդ մասին խօսելու: Ղարաբաղի նկատմամբ նոյնը չկատարուեցաւ, եւ այդ, անշուշտ, զգալի ազդեցութիւն ձգեց այնտեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ»,- յայտնեց Փութին:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2020
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ