Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման վերահսկման միացեալ կեդրոն ստեղծելու մասին յուշագիր ստորագրած են: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան հսկողութեան ռուս-թրքական կեդրոնը պիտի քննարկէ դժգոհութիւններն ու համաձայնութիւններու խախտումներուն հետ առնչուած խնդիրները:
http://www.aztagdaily.com/archives/489259
Leave a Reply