ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Էտըմ Շիֆ եւ Ճեքի Սփիր Արցախի զինադադարի յայտարարութեան վերաբերեալ 10 նոյեմբեր թուակիր իրենց միացեալ յայտարարութեան մէջ գրած են հետեւեալը.
«Իբրեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ՝ մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին: Անոնք համարձակօրէն պաշտպանեցին իրենց հայրենիքը ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող վարձկաններուն եւ դէմ դրին բազմաթիւ անօդաչու թռչող սարքերու սարսափելի յարձակումներուն եւ ատրպէյճանական ուժերու վայրագութիւններուն: Մենք կանգնած ենք Հայաստանի եւ Արցախի կողքին եւ կը վերահաստատենք մեր շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական կառավարութեան եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին:
«Մենք խորապէս հիասթափուած ենք, որ Ամերիկա չկրցաւ արդիւնաւէտ դեր խաղալ այս ողբերգական արդիւնքէն խուսափելու ջանքերուն մէջ: 27 Սեպտեմբեր 2020ին սկսած ատրպէյճանական յարձակումներուն առաջին օրէն մենք վարչակազմին կոչ ըրիք՝ գործադրելու իր բոլոր միջոցները՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու համար: Եթէ վարչակազմը վճռականօրէն գործէր զինադադարի հասնելու համար եւ օգտագործէր այնպիսի լծակներ ու պատժամիջոցներ, ինչպէս՝ ռազմական օգնութեան տրամադրումի կասեցում՝ Ազատութեան զօրակցելու օրէնքի թիւ 907րդ յօդուածին համաձայն, հազարաւոր կեանքեր կարելի պիտի ըլլար փրկել եւ վերադառնալ խաղաղ բանակցութիւններուն:
«Երէկ յայտարարուած համաձայնագիրի ուսումնասիրութեան ընթացքին մենք պիտի կրկնապատկենք մեր ջանքերը՝ աջակցելու Հայաստանին եւ Արցախին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ աղաղակող թշնամանքին դէմ եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու բոլոր անոնք, որոնք վերջին շաբաթներուն վայրագութիւններ գործեցին խաղաղ բնակչութեան դէմ: Ամերիկա պէտք չէ կրաւորական դիրքի մէջ մնայ եւ պէտք չէ անտեսէ Թուրքիոյ սպառնալիքը, որ ուղղուած է Միջերկրական ծովուն արեւելեան շրջանին, Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի կայունութեան»:
Իր կարգին, ծերակուտական Էտ Մարքի խստօրէն քննադատեց Արցախի հարցին մէջ Թրամփի վարչակազմին ցուցաբերած անճարակութիւնը՝ աւելցնելով. «Վարչակազմը արտօնեց Թրամփի բարեկամ Էրտողանին, որ ի վնաս մեր հայ բարեկամներուն, Կովկասի մէջ հողեր բռնագրաւէ, ծաղրանքի առարկայ դարձնելով Մինսկի խմբակը»։
Մարքի նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին անմիջական ամերիկեան աջակցութիւն առաքելու եւ Անգարայի ու Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու կոչ ըրաւ։
Հաստատելով ներկայ վարչակազմին քննադատութիւններուն արդար ըլլալը՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մենք ի գիտութիւն ընդունեցինք Ռուսիոյ միջնորդութեամբ զինադադարը եւ շահագրգռուած ենք աւելին իմանալու անոր իրականացման մանրամասները: Ուրախ ենք տեսնելու բռնութիւններու աւարտը, սակայն մենք չենք կրնար մեկնաբանել զինադադարին մանրամասնութիւները կամ անոր յաջորդող քայլերը»:
Asbarez.com
Leave a Reply