Սպառնալիքներ՝ իրանահայոց հասցէին

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Իրանահայ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեանէն ստացանք «Իրանի թուրքերը կը սպառնան իրանահայութեան» խորագրեալ պարսկերէնով էջ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.

«Դուք դատեցէ՛ք. Ուշադրութիւն՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Թաւրիզ, Թեհրան, Սպահան բնակող հայութեան, որ Ատրպատականի թուրք մահմետականներու հետ հարիւրաւոր տարիներ խաղաղօրէն ապրած էք։ Եթէ շարունակէք Հայաստանի ոճրագործ եւ երախայ սպաննող վարչակարգը հովանաւորել, այլեւս երբե՛ք պիտի չտեսնէք խաղաղութեան երեսը։ Ի պատասխան երախաներու սպանութեան՝ թուրքերուս առաջին գործը պիտի ըլլայ կրակի տալ Իրանի բոլոր առաջնորդարանները։ Թաւրիզ, Ռաշթ, Թեհրան, Սպահան՝ կրակի պիտի տանք հայկական բոլոր դպրոցները իրենց աշակերտներով»։

Սպառնական այս նամակին մէջ տեղ գտած «երախայ սպաննող» ամբաստանութիւնը այլեւս թրքական դասականացած քաղաքականութեան մաս դարձած է։ Իւրաքանչիւր անարդար հակամարտութեան՝ Անգարա իր մեղքերը քօղարկելու եւ հակառակորդը մրոտելու նպատակով հրապարակ կը նետէ այդ ամբաստանութիւնը։ Անգարա այդպէս ըրած է քիւրտերուն հետ, Սուրիոյ բանակին եւ Ասատի հետ։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2020
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ