Երկու քաղաքապետութիւններ եւս կուգան միանալու Յունաստանի մեծ թիւով քաղաքներու կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծուած պատերազմի դատապարտումին, որ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր կը շարունակուի առանց դադարի։
«Ազատ օր»-ի տեղեկութիւններով՝ երկու բանաձեւերն ալ յստակօրէն կը դատապարտեն թուրքեւազերիական յարձակումները եւ յատկապէս Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ռազմական գործողութիւններուն։ Լարիսայի քաղաքապետութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ՝ գործակցութեամբ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանատան եւ ՄԱԿ-ին, ընդունելու Արցախէն պատանիներ եւ հիւրընկալելու քաղաքին մէջ։
Yerakouyn.com
Leave a Reply