Գանատայի Կանաչ կուսակցութիւնը կառավարութենէն կը պահանջէ արգիլել զինուորական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ

Գանատայի խորհրդարանի նոյեմբեր 7-ի նիստին, Կանաչ կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Էլիզապէթ Մէյ արծարծեց Արցախի հակամարտութեան հարցը։ Ան իր ելոյթի սկզբնաւորութեան յայտնեց, որ շարունակուող պատերազմը Արցախի ժողովուրդին համար զանգուածային սպանութիւններու եւ բռնի տեղահանութեան սպառնալիք է։

Կանաչ կուսակցութեան ներկայացուցիչը խորհրդարանական նիստին նաեւ վերյիշեցուց, որ Թուրքիոյ վաճառուած գանատական ռազմական սարքերը այս պատերազմին կ՚օգտագործուին Պաքուի կողմէ։ Ան շեշտեց, որ ատրպէյճանական բանակը վերջերս ֆոսֆորային ռումբերով հրթիռակոծած է Արցախի անտառները եւ պատճառ դարձած Արցախի բնաշխարհի ոչնչացման։

Էլիզապէթ Մէյ իր խօսքը եզրափակեց շեշտադրելով, որ Գանատան ի վիճակի է աւելին գործօն դերակատարութիւն ունենալու այս հակամարտութեան մէջ, առաջին հերթին արգելակելով գանատական ռազմական սարքերու վաճառքը Թուրքիոյ, իսկ երկրորդ՝ գանատական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն մը հիմնելով Երեւանի մէջ։

Horizonweekly.ca 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2020
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ