Սլովաքիոյ խորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ բանաձեւ որդեգրած է

Սլովաքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանը որդեգրած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ բանաձեւ մը, որով կը վերահաստատէ, որ այդ տագնապը չունի զինուորական լուծում: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ Հայաստան-Սլովաքիա բարեկամական խումբի ղեկավար, պատգամաւոր Համազասպ Դանիէլեան:

«Սլովաքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ որդեգրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուած բանաձեւ, ուր կը վերահաստատուին Մինսքի խմբակի համանախագահներուն դիրքորոշումները, թէ տագնապը չունի զինուորական լուծում, կը վերահաստատեն երեք հիմնական սկզբունքները` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ուժի ու ատոր սպառնալիքի չկիրարկման սկզբունքը», նշած է պատգամաւորը:

Դանիէլեան աւելցուցած է, որ թէ՛ հայ դիւանագէտներու, թէ՛ Սլովաքիա ապրող հայերու եւ Հայաստանի բարեկամներու ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է չէզոքացնել Ազրպէյճանի ոչ կառուցողական ու անհաւասարակշիռ մօտեցումներու արտացոլումը այս բանաձեւին մէջ:

http://www.aztagdaily.com/archives/488471 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2020
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ