«Թրքական ապրանքները շոգիացած են…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը վայրկեան առաջ, տիկինս շուկայէն վերադարձաւ լայն ժպիտով մը եւ՝ «Քեզի լաւ լուր մը ունիմ», նետեց, կարծես թէ թեթեւնալով:

Արցախէն ու Հայաստանէն հասնող լուրերը աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր բոլորիդ պէս իմ ալ մտահոգութիւններս շերտ-շերտ լեռնացուցած են, նեղցնելով տեղը այլ մտահոգութիւններու: Ուրեմն, կրնաք երեւակայել, թէ աչքերս եւ ականջներս ինչպիսի՜ լայնքով ընկերացուցի «խէ՞յր է» հարցումիս:

– «Հայկական գեր-նպարատուն մը գացեր էի: Գիտե՞ս ինչ տեսայ: Դարակներուն վրայէն թրքական արտադրութիւնները շոգիացեր են: Նկատեցի, որ անոնց տեղը բռնած են Հայաստանի եւ արաբական կարգ մը երկիրներու արտադրութիւնները»,- բացատրեց՝ աչքալուսանքի շեշտով մը:

Ուրախութիւնս փորձեց հաւասարիլ իր գոհունակութեան: «Ուշ լինի, նուշ լինի», անցաւ միտքէս: Կասկած չունիմ, որ նոյնը կը պատահի նաեւ այլ երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ:

Յետոյ մտածեցի. արդեօք չե՞նք կրնար նա՛եւ ոչ-հայկական գերվաճառատուներէն ու տարածուն շուկաներէ՛ն ալ վանել տալ թրքական արտադրութիւնները՝ սննդանիւթ, հագուստեղէն եւ այլ: Ահա դաշտ մը՝ որ գործի կը հրաւիրէ հաւասարապէս տարեցն ու երիտասարդը, այրը եւ կինը, միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները, բոլո՛րը, բոլո՛րը: Կայ հնարքներու անծայրածիր հորիզոն, իսկ հայուն հնարամտութիւնը ընդհանրապէս աւելի՛ լաւ կը բանի նեղ օրերուն…:

Ոճրագործ Թուրքիան պէտք է զգայ հայուն հասցնելիք տնտեսակա՛ն ցաւն ալ, իսկ զայն աւելի՛ եւս խորացնելու համար, անհրաժեշտ է այս արշաւին միացնել ամերիկացին ու եւրոպացին, արաբն ու ասիա-ափրիկեան ժողովուրդները, հասնիլ մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք:

…Եւրոպան արդէն սկսած է մորթին վրայ զգալ թրքական ներշնչումով ոճրային ահաբեկչութեան ցաւերը: Պէտք է բոլորը մղել խօսքէն գործի անցնելու: Եւ՝ կրնա՛նք յաղթել:

Asbarez.com 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2020
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ