Երեք հայեր դանակահարուեցան Ֆրեզնոյի մէջ ցոյցին ընթացքին

ՖՐԵԶՆՕ, «Էյ.Պի.Սի.», «Քէյ.Թի.Էլ.Էյ.».- Չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբերի երեկոյեան, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած Արցախի եւ Հայաստանի ի նպաստ եւ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան դատապարտող խաղաղ ցոյցի մը ընթացքին, հայ ցուցարարներ ենթարկուեցան յարձակումի եւ երեք հայեր դանակահարուեցան:

Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց յանցագործը։

Վկաներէն մէկուն նկարահանած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ կասկածեալին նախ կը պատրէ ցուցարարներուն մէկ պաստառը, ապա փայտէ մահակով կը սպառնայ ցուցարարներուն: Երբ ցուցարարները կը փորձեն կանխել անոր յարձակումը, ան յանկարծ գրպանէն կը հանէ դանակ մը ու կը սկսի հարուածել:

Վիրաւորուած են 18էն 26 տարիքի երեք երիտասարդներ, մէկը՝ ձեռքէն, միւսը՝ ուսէն, իսկ երրորդին մատը կտրուած էել:

Ցուցարարները խոստացան շարունակել իրենց խաղաղ հաւաքները՝ ամերիկացիներու ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ:

Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պատերազմը սահմանէն կը տեղափոխեն երրորդ երկիրներու տարածք եւ կը սկսին սադրիչ գործողութիւններու արշաւ, կը տեղեկացնէ Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2020
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ