ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Մոնթեպելլոյի միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը 21 հոկտեմբերին գումարած իր նիստին ընթացքին որոշեց Ապրիլ ամիսը հռչակել Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ամիս։
Բանաձեւին նպատակն է՝ լուսարձակի տակ առնել 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ քաջալերել զայն կրթաշրջանին աշակերտներուն լաւապէս դասաւանդելու ջանքերը, «որպէսզի անցեալի սխալները չկրկնուին»։
Բանաձեւին մէջ կը խօսուի նաեւ նշեալ դասաւանդութիւններուն համար ատակ ուսուցիչներ պատրաստելու կարեւորութեան մասին։
Կրթաշրջանը երրորդ մեծագոյնն է Լոս Անճելըս գաւառին մէջ։
Asbarez.com
Leave a Reply