Երեսփոխաններու այցելութիւնը կեդրոնացած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սկսած պատերազմի յառաջացուցած բաղխումներու եւ լարուածութեան  մթնոլորտին հետեւանքով, Թրքահպատակ Հայ հայրենակիցներու նաեւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքէն ներս գոյացած վիճակը ուսումնասիրելու վրայ։

Նորին Ամենապատուութիւնը  ողջունեց ներկայ երեսփոխանները եւ յայտնեց իր գոհունակութիւնը թէ այս օրերուն իսկապէս կենսական էր նման հանդիպում մը, թարգման հանդիսանալու համար զանազան համայնքային հարցերու մասին եւս։ Ձեռք առնուեցան նաեւ համայնքային ինչ ինչ հարցեր, որոնք լուծման կը կարօտէին։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար ու շեշտեց թէ համայնքային հարցերու լուծման վայրը կը տեսնէր Ազգային Մեծ Ժողովը։

Ապա արտայայտուեցաւ պատերազմական վիճակի լրատուութեանց հետ կապուած մամուլի, տեսալսողական եւ ընկերային համացանցերու վրայ տեղ գտած արտայայտութիւններ, վատ ազդեցութիւն կը գործէին մանաւանդ երբ այդ արտայայտութիւններէն ոմանք կը հրահրէին քինախնդրական ու ատելութեան զգացումը Հայ հայրենակիցներու նկատմամբ։ Գոհունակութեամբ անդրադարձաւ թէ Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի գլխաւորութեամբ պետական աւագանին իրենց արտայայտութեանց մէջ ունեցած էին եւ կը շարունակեն ունենալ դրական արտայայտութիւններ Հայ հայրենակիցներու նկատմամբ, ընդգծելով թէ անոնք կը գտնուէին պետութեան երաշխաւորութեան ներքեւ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, թէ իբրեւ կանխազգուշական քայլ, առնուած ապահովութեան միջոցներով ամէն ինչ կ’ընթանար խաղաղ մթնոլորտի մէջ։ Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին լուսաբանութեանց ու մտերմական մթնոլորտին համար եւ շեշտեցին, թէ պիտի տեղեկագրէին սոյն հանդիպումը պատկան վերին մարմիններուն։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/photos/a.127587797401112/1673864036106806