Փոմփէօ. «Երրորդ երկիրները պէտք է հեռու մնան Ղարաբաղեան տագնապէն եւ չբորբոքեն կացութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հաստատած է, որ հոկտեմբեր 23-ին Ուաշինկթընի մէջ պիտի ընդունի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը:

«Գետնի վրայ բարդ իրավիճակ ստեղծուած է, բարդ դիւանագիտական կացութիւն կը տիրէ: Կը պատրաստուիմ նախարարներու հետ հանդիպումին` նշելու, որ երրորդ երկիրները պէտք է հեռու մնան տագնապէն եւ չբորբոքեն զայն, ոչ ալ որեւէ սպառազինում տրամադրեն: Միայն դիւանագիտական լուծումը ընդունելի պիտի ըլլայ բոլորին համար: (Ուրբաթ օրուան հանդիպումին) մասին կը պատրաստուիմ խօսիլ նախարարներու հետ», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Ուաշինկթընի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

http://www.aztagdaily.com/archives/486988 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2020
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ