ՀՀ կառավարութիւնն արգելք դրած է թրքական ծագում ունեցող ապրանքներու ներմուծման վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, իր 2020 հոկտեմբեր 20-ի թիւ 1708-Ն որոշումով, ժամանակաւոր արգելք դրած է թրքական ծագում ունեցող վերջնական սպառման ապրանքներու ներմուծման վրայ: Արգելքը ուժի մէջ կը մտնէ 2020 դեկտեմբեր 31-ին: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն:

«Թրքական ծագման ապրանքներու ներմուծման սահմանափակումը կ՝ենթադրէ նախ եւ առաջ անվտանգային բաղադրիչ՝ հաշուի առնելով քանիցս հաստատուած փաստերը, ըստ որոնց, Թուրքիան բացայայտօրէն կ՝աջակցի ու կը սատարէ Ազրպէյճանի կողմէ՝ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն: Թրքական ծագումով ապրանքներու ներմուծման արգելքով կը դադրեցուի հայաստանեան աղբիւրներէն Թուրքիոյ պետական գանձարանի նիւթական սնուցումը, միաժամանակ կը կանխարգելուի նաեւ թշնամական տրամադրուած երկրէ վերջնական սպառման ապրանքներու ներմուծման միջոցով հնարաւոր վտանգներու ներթափանցումը Հայաստան»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2020
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ