Թրքական արտադրութիւններուն դէմ սէուտական պոյքոթը կը վարակէ արաբական այլ երկիրներ

Թրքական արտադրութիւններու ներածման արգելքի եւ զանոնք պոյքոթի ենթարկելու սէուտական առեւտրական շրջանակներու ինքնաբուխ կոչը, վերջին օրերուն տարածուելով, հետզհետէ վարակեց արաբական աշխարհի այլ պետութիւններ, ինչպէս` Թունուզ, Ալճերիա, Մարոք…:

Այս գծով պատկերասփիւռի «Սքայ Նիուզ» արբանեակային կայանի արաբերէն հաղորդումներու բաժինի մէկ հաղորդավարը յայտնեց, թէ թրքական արտադրութիւններուն դէմ պոյքոթի «հաշթակը» մեծ տարածում գտած է ընկերային ցանցերու, յատկապէս «Թուիթըր»-ի վրայ` գրաւելով երրորդ դիրք համացանցի միջազգային հարթակին վրայ եւ արձանագրելով առաւելագոյն հետեւորդներ: Ըստ հաղորդավարին, սէուտցի եւ այլ արաբ առեւտրականներ ինքնաբուխ կերպով իրենց հաստատութիւնները ծանուցող պատկերներով յայտարարած են, թէ` «մեկնելով ազգային պարտականութենէ, կը հրաժարինք թրքական արտադրութիւններ ներածելէ»:

Մէջբերելով թուրք խորհրդարանական Մոհամետ Կէօզ Մանսուրի թրքերէնով ընդվզումը` հաղորդավարը կը պարզէ, թէ ինչպէ՛ս թուրք երեսփոխանը իր եւ առհասարակ թուրք առեւտրական շրջանակներու մտահոգութիւնն ու ընդվզումը կը յայտնէ` նշելով արաբական երկիրներուն որդեգրած պոյքոթին իբրեւ հետեւանք թրքական առեւտուրին կրած եւ կրելիք վնասները: Ան յիշած է, որ պոյքոթի շարժումը կը տարածուի նաեւ արաբական այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ֆաս-Մարոք, Թունուզ, Ալճերիա եւ այլն:

Նոյն յայտագիրով հաղորդավարը զրոյց մը ունեցաւ արաբ գրող, հետազօտող` Խալէտ Զաաթարի հետ, որ ժողովրդային այս ինքնաբուխ պոյքոթը վերագրեց արաբ ժողովուրդին գիտակցութեան ու ընդվզումին` Թուրքիոյ, յատկապէս նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի քաղաքական վարքագիծին դէմ` ընդգծելով, որ թրքական վերնախաւին որդեգրած քաղաքական վարքագիծէն վնասողը միայն Սէուտական Արաբիան չէ, այլ նաեւ համայն արաբական աշխարհը: Ըստ արաբ մտաւորականին, 2018-ին դէպի Ծոցի արաբական  երկիրներ թրքական արտադրութիւններու 202 միլիառ տոլարի արտածումը 2019-ին նուազած է 171 միլիառ տոլարի:

Նոյն յայտագիրին ընթացքին հաղորդավարը ընթերցեց համացանցի վրայ արաբական  հանրային կարծիքէն հակաթուրք պոյքոթին զօրակցող մէջբերումներ:

http://www.aztagdaily.com/archives/486590 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2020
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ