Կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը յստակ տարբերէ անոնց, որոնք իւղ կը լեցնեն լարման կրակի վրայ եւ անոնց, որոնք կ՛որդեգրեն կառուցողական մօտեցում եւ կը մնան վէճերու լուծման խաղաղ տարբերակին հաւատարիմ: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` նման տեսակէտ յայտնեց Յունաստանի ԱԳ նախարար Նիկոս Տենտիաս` Երեւանի մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ համատեղ ասուլիսին ժամանակ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին:
Տենտիաս նշեց, որ Աթէնքէն ուշադիր կը հետեւին զարգացումներուն, կ՛ողջունեն կրակմարի բանակցութիւնները Մոսկուայի մէջ: «Մեզ շատ կը մտահոգեն այդ պայմանաւորուածութիւններու խախտումները: Հրադադարը պէտք է խստիւ յարգուի: Մենք կը համարենք, որ տեւական լուծումներուն կարելի է հասնիլ միայն դիւանագիտական միջոցներով` վերադառնալով բանակցութիւններու սեղանին Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ, միջազգային իրաւունքի կուռ հիմքերու վրայ: Մենք շատ լուրջ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու կը բախինք մեր անմիջական հարեւանութեան, բայց կը փորձենք գտնել դիւանագիտական լուծումներ` յանուն տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարեկեցութեան․․․»:
Յունաստանի ԱԳ նախարարը շեշտեց` բացարձակապէս յստակ է, որ պէտք է վերջ դրուի օտար միջամտութեան: «Անգարայի միջամտութիւնը եւս մէկ հակամարտութեան մէջ շատ մտահոգիչ է: Ան լուրջ մտահոգութիւններ կը ստեղծէ միջազգային ասպարէզի մէջ»,-ըսաւ ան։
Տենտիասը յիշեցուց, Յուանստան առաջարկեց, որ ԵՄ-ն կոչ ընէ դադրեցնելու արտաքին կողմերու ներգրաւումը»։
Ան անդրադարձաւ նաեւ Ազրպէյճանի չհիմնաւորուած պնդումներուն, մեղադրանքներուն, յիշեցուց, որ Յունաստանը Պաքուէն ետ կանչած է իր դեսպանը:
Յունաստանի ԱԳ նախարարը յայտնեց, որ Հայաստանի իր գործընկերոջը տեղեկացուցած է Սուրիոյ, Իրաքի, Կիպրոսի, Լիպիոյ եւ Միջերկրական ծովի արեւելքի մէջ լարումներու ու ապօրինի գործողութիւններու մասին: «Բոլորն ալ ունին քաջ յայտնի ընդհանուր յայտարար: Ընդհանուր յայտարարը Թուրքիան է, միջազգային օրէնքը յարգելու ԵՄ-ի կոչերու անտեսումը Թուրքիոյ կողմէ»,-ըսաւ ան ու աւելցուց, որ Թուրքիան պէտք է դատապարտել` մեկնելով իր գործողութիւններէն, ոչ թէ յայտարարութիւններէն:
Yerakouyn.com
Leave a Reply