ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Ակօս».- Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ յարձակումին պատճառով, Թուրքիոյ մէջ նոր խմորումներ յառաջացած են հայերու դէմ եւ անգամ մը եւս կը հրահրուին բարկութիւն եւ ատելութիւն:
Հայերու դէմ ցոյցեր կատարուեցան Պէյազիտի հրապարակին վրայ: Ցուցարարները զօրավիգ կանգնեցան Պաքուին եւ պնդեցին, որ Հայաստան, «խաղաղ բնակիչներու վրայ կատարուած յարձակումով ցոյց տուաւ, որ ահաբեկիչ երկիր է»:
Ցուցարարները հաւաքուեցան Պէշիկթաշի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ ու հայերու դէմ անէծք տեղացուցին:
5 Հոկտեմբերին եւս նման ցոյց մը տեղի ունեցաu, այս անգամ Պոլսոյ Օսմանպէյ թաղամասին մէջ, որ կը գտնուի հայաշատ Ֆէրիգիւղ եւ Շիշլի թաղամասերուն անմիջական դրացնութեամբ։
Նոյն օրը, ատրպէյճանական դրօշակներով ծածկուած ինքնաշարժներու շշարասիւն մը երթ կատարեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի փողոցէն, հակահայ վանկարկումներով։
Պատրիարքարանը վերջին բախումներուն մասին յայտարարութիւն մը ընելով՝ ընդգծած էր հաւաքականութեան մէջ խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը։
Asbarez.com
Leave a Reply