Կիպրոսի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտող բանաձեւ

Կիպրոսի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումը դատապարտող բանաձեւ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին գրած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Կիպրոսի ներկայացուցիչներու տան միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան:

«Ներկայացուցիչներու տունը դատապարտած է նաեւ Թուրքիոյ լիակատար աջակցութիւնը Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին` վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բնակավայրերու ռմբակոծումը, կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնելու կրակն ու խաղաղ բանակցութիւններ վարելու», գրած է Հայրապետեան:

http://www.aztagdaily.com/archives/485883

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2020
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ