Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոներ զօրակցեցան հայ ժողովուրդին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ՝ դատապարտելով ազրպէյճանա-թրքական լայնամաշտաբ ռազմական յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղ ժողովուրդին դէմ

Aztagdaily.com- Չորեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ Ժողովրդական Ժողովի (Խորհրդարան) հերթական նիստի ժամանակ ելոյթ ունեցան պատգամաւորներ Ժիրայր Ռէիսեանը, դոկտ. Նապիլ Թաամէն եւ դոկտ. Նորա Արիսեանը:

Պատգամաւորները իրենց ելոյթներուն մէջ նախ ներկայացուցին արցախեան հակամարտութեան պատմութիւնը եւ մանրամասն տեղեկատուութիւններ հաղորդեցին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած ներկայ լայնածաւալ պատերազմի մասին: Անոնք Սուրիոյ ժողովուրդի անունով զօրակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովրդին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ՝ դատապարտելով ազրպէյճանա-թրքական եւ վարձկան ահաբեկիչներու խմբաւորումներու կողմէ Արցախի եւ Հայասատանի խաղաղ բնակավայրերու ռմբակոծումը եւ Արցախի ժողովուրդի դէմ իրականացուող լայնամաշտաբ ռազմական յարձակումները:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2020
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ