Ասատ. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրման գլխաւոր հրահրողն ու նախաձեռնողը Էրտողանն է»

•

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի նոր սրման գլխաւոր նախաձեռնողը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է:

«Լիպիոյ մէջ ան ահաբեկիչներուն կ՛աջակցի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջերս սկսած տագնապի գլխաւոր հրահրողն ու նախաձեռնողն ալ անձամբ ինք եղած է», յայտարարած է Ասատ:

Սուրիոյ նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ Սուրիայէն զինեալներ կը տեղափոխուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի, եւ Դամասկոս կրնայ ատիկա հաստատել:

«Մենք կրնանք ատիկա ամբողջովին հաստատել, սակայն ոչ այն պատճառով, որ ապացոյցներ ունինք: Երբեմն ապացոյցներ չկան, սակայն կան անոնց ցուցանիշները», ըսած է Ասատ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ հաստատել, որ Սուրիոյ մէջ կռուող խմբաւորումներէն ահաբեկիչներ կը տեղափոխուին հայ-ազրպէյճանական տագնապի գօտի:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Էօզթիւրք Եըլմազ անդրադառնալով Ասատի յայտարարութիւններուն յայտնած է. «Ասատ անձնական հակակրանք ունի Էրտողանի նկատմամբ: Ուզելով Էրտողանին վնաս հասցնել` ան կը վնասէ ամբողջ Թուրքիոյ: Ասատի յայտարարութիւնները ոչ մէկ արժէք ունին եւ քարոզչութեան գործիք են»:

Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան Ազրպէյճանի եւ արեւելեան Միջերկրականի շրջաններուն մէջ իր իրաւունքներն ու շահերը ունի:

http://www.aztagdaily.com/archives/485491 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2020
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ