ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսական Ճեքի Սփիր արդէն իսկ պատրաստած է Արցախի եւ Հայաստանի վրայ յարձակումին համար Պաքուն եւ Անգարան դատապարտող բանաձեւ մը, որ պիտի ներկայացուի Ներկայացուցիչներու տան։
Բանաձեւը կը պահանջէ անմիպաէս զինադադար հաստատել եւ զինադադարի խախտումները ստուգող միջազգային դիտարկումի համակարգ հաստատել։
Նաեւ, Սփիր եւ քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն, Էտըմ Շիֆ եւ Տէյվիտ Նունիէզ ստորագրահաւաքի մը սկսած են արտաքին գործոց նախարարին յղուելիք նամակի մը համար, որուն մէջ կը պահանջուի կարավառութենէն յստակօրէն դատապարտել Ատրպէյճանի յարձակումը եւ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը։
Նման նամակի մը համար Ծերակոյտին մէջ աշխատանք կը տանի ծերակուտական Պապ Մենենտեզ։
Յայտնենք, թէ առնուազն 25 քոնկրեսականներ՝ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամներ, խստօրէն դատապարտեցին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համակարգուած յարձակումը։
Քոնկրեսականները նաեւ շեշտեցին, թէ պէտք է կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը:
Նշենք, որ այս գծով քոնկրեսականներու դիմելու Հայ Դատի կոչին անսացին առաւել քան 150,000 անձեր, իսկ աւելի քան 10,000 ուրիշներ հեռաձայնային զրոյցներով փոխանցեցին իրենց կարծիքները։
Ամերիկայի Հայ Դատի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան շեշտեց, թէ Ուաշիկթընի համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ կարելի չէ ամերիկեան գումարներով քաջալերել Անգարայի եւ Պաքուի այս ոճիրները: Ան Քոնկրեսէն պահանջեց անմիջական քայլերու դիմելու այս գծով:
Նամակարշաւին կամ հեռաձայնային արշաւին մասնակցելու համար այցելել anca.org/alert կամ anca.org/call կայքէջերը, իսկ քոնկրեսականներուն ցանկը եւ խօսքերը տեսնելու համար՝ https://asbarez.com/197211 կայքէջը:
Asbarez.com
Leave a Reply