Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հարցազրոյց տուած է BBC-ի արաբական խմբագրութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հարց- Պարոն նախագահ, Մենք կը խօսինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան մասին: Այս ամէնը կրնա՞ք մեկնաբանել իբրեւ լայնածաւալ պատերազմ:
Ազրպէյճանը Սեպտեմբեր 27-ին վաղ առաւօտեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններուն ողջ երկայնքով սկսաւ հրետակոծել եւ ռմբակոծել ոչ միայն սահմանը, այլեւ աւելի խորը՝ ներառեալ՝ դպրոցներ եւ այլն: Մեծ թիւով քաղաքացիական անձեր վիրաւորուեցան՝ տատիկներէն մինչեւ փոքր երեխաներ, ոչնչացուեցան տարբեր շինութիւններ, ամէն օր հսկայական վնասներ կը հասցուին: Եւ այսքանէն ետք՝ ես Ձեզի կը ձգեմ որոշել՝ ասիկա լայնածաւալ պատերազմ է՞, թէ՝ ոչ: Հայկական կողմը չէ սկսած այս ամէնը, ի դէպ, հայկական կողմը այս պարագային Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ, այլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, Արցախը: Ասիկա փոքր երկիր մըն է 150 հազար բնակչութեամբ, որ այստեղ է հազարաւոր տարիներ: Իոսիֆ Սթալինի կողմէ անոր պարտադրուած է ըլլալ Խորհրդային Ազրպէյճանի մաս: Խորհրդային Միութեան փլուզման ժամանակ ժողովուրդը որոշեց, որ իրենք են սեփական ճակատագիրը տնօրինողները, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակչութեան աւելի քան 90 տոկոսը հայեր էին: Անոնք հանրաքուէի միջոցով վճռեցին ապրիլ անկախ պետութեան մէջ:
Միւս կողմէն՝ Ազրպէյճանն է, որ ունի նիւթական միջոցներ եւ ուժ, 10 միլիոն բնակչութիւն եւ Թուրքիոյ նման բարեկամ: Անոնք կը փորձեն ստիպել հայերուն լքել այն տարածքը, ուր հայերը պատմականօրէն ապրած են դեռ այն ժամանակներէն ի վեր, երբ Ազրպէյճանը իբրե պետութիւն գոյութիւն չունէր: Իմ բառապաշարին մէջ ասիկա կը կոչուի ցեղական զտում՝ ստիպել մարդոց հեռանալ միայն այն պատճառով, որ անոնք այլ ցեղական պատկանելութիւն ունին, չեն համապատասխաներ այս կամ այն որակաւորման: Արդեօ՞ք ատիկա լայնածաւալ պատերազմ է, թէ՝ ոչ: Կը կարծեմ՝ այո: Ասիկա արիւնահեղ պատերազմ է, փոքրաթիւ, բայց հպարտ ժողովուրդի պատերազմ: Ժողովուրդ, որ ապացուցած է, որ կրնայ կռուիլ եւ երբեք չի կրնար պարտուիլ: Անոնք այն ժամանակ յաղթեցին Ազրպէյճանի դէմ պատերազմին: Չեմ գիտեր, թէ ինչու Ազրպէյճանը բանակցելու եւ միջազգային բանակցութիւններու սեղանին փոխարէն որոշած է խնդիրը լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի ցեղական զտման միջոցով:
Հարց- Դուք ինչպէ՞ս կը վերաբերիք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի դերակատարման:
– ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը վերջին 26 տարիներուն՝ 1994 թուականի հրադադարէն ետք, հսկայական եւ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է: Նախ եւ առաջ, անիկա մեծ յարգանք վայելող միջազգային կազմակերպութիւն է երեք համանախագահներով՝ Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ: Անոնք տքնաջան կ՝աշխատին երկու կողմերուն հետ՝ խնդիրը վերջնական դիւանագիտական կամ քաղաքական լուծման յանգեցնելու համար: Ուստի ես շատ բարձր կը գնահատեմ անոնց աշխատանքը: Ի հարկէ, ցանկացած բանակցութիւն այս աշխարհի վրայ՝ քաղաքական, ռազմական, թէ գործարարական բանակցութիւն, չես կրնար մշտապէս ծրագրել, որ յաջող անցնի, եւ կրնաս հասնիլ նպատակիդ: Բանակցութիւններուն մէջ կ՝ըլլան վերելքներ ու վայրէջքներ: Սակայն այս բանակցութիւններուն մէջ պէտք է ըլլալ համբերատար: Երբեմն քեզի կը բաւարարէ բանակցութիւններուն մէկ կողմը, երբեմն ալ՝ ոչ, երբեմն կը մտածես, թէ կը կորսնցնես եւ՝ հակառակը: Պէտք է բանակցութիւնները վերջնական աւարտին հասցնել վերջնական փաստաթուղթի միջոցով, ստորագրել զայն, ու անկէ ետք ալ մեծ ջանքեր գործադրել, որ ստորագրածը կեանքի կոչուի:
Բացարձակ ոչ մարդկային եւ ոչ բնականոն ձեւ է՝ լքել բանակցութիւններու սեղանը եւ փորձել լուծել խնդիրը ռազմական ուժի միջոցով:
Հարց- Դուք շատ լաւ խօսեցաք եւ բարձր գնահատեցիք ԵԱՀԿ-ը, սակայն դուք կը շարունակէք մերժել Ռուսիոյ նախաձեռնութիւնը՝ վերջացնելու այս լարուածութիւնը:
– Չեմ գիտեր, թէ ով տուած է Ձեզի այդ միտքը, այդ միտքը ճիշդ չէ: Ռուսիան դիմած է երկու կողմերուն միջադէպերը դադրեցնելու եւ հրադադարի համար, որ բնական է: Սակայն չկայ որեւէ մեքենականութիւն: Որեւէ ռազմական գործողութիւն կամ պատերազմ դադրեցնելու համար պէտք է ունենաս յստակ մեքենականութիւն: Ասիկա բարդ գործընթաց է: Ասիկա՝ մէկ: Անիկա դեռ գործողութեան մէջ չէ:
Ոչ միայն Ռուսիան, այլեւ Միացեալ Նահանգները, ԵՄ-ն, Ֆրանսան, շատ երկիրներ դիմած են թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ազրպէյճանին, Հայաստան ըսելով նկատի ունիմ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդին՝ դադրեցնելու պատերազմը: Սակայն դադրեցնելու համար պէտք է ճնշում գործադրել յարձակողի վրայ, այս պարագային՝ այս ռազմական գործողութիւնները եւ պատերազմը սկսած է Ազրպէյճանը, ո՛չ թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը․ ան որեւէ ցանկութիւն չունի մէկ անգամ եւս պատերազմ սկսելու: Ճիշդ չէ դիմել երկու կողմերուն, քանի որ Ազրպէյճանը սկսած է պատերազմը, եւ ճնշումը պէտք է գործադրել անոնց վրայ՝ պատերազմը դադրեցնելու համար: Այն պահուն, երբ անոնք դադրեցնեն, հայկական կողմը եւս կ’ընէ այդ մէկը:
Հարց- Թուրքիան ըսած է, որ կ’աջակցի Ազրպէյճանին: Ասիկա կը նշանակէ՞ արդեօք, որ Հայաստանը եւս կը փորձէ արտաքին ռազմական աջակցութիւն փնտռել:
-Կրկին կ՝ուզեմ ընդգծել՝ խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն հետ է, Հայաստանի հետ չէ: Թուրքիան կ՝աջակցի Ազրպէյճանին: Անկեղծ ըսեմ, շատ կը փափաքէի, որ Թուրքիան Ազրպէյճանին աջակցի կրթութեան, մշակոյթի, գիտութեան, ճարտարագիտութիւններու, յարաբերութիւններ կառուցելու ոլորտներուն մէջ: Կը փափաքէի, որ Թուրքիան յիշէ իր պատմութիւնը, փորձէ ճանչնալ այն, որ 105 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան վերջը Հայոց Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցաւ: Փորձէ յարաբերութիւններ ձեւաւորել կամ զանոնք բարելաւել Հայաստանի հետ: Այդ ամէնը ընելու փոխարէն անոնք ուղղակի կը հրաժարին ընդունելէ, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է: Քանի որ անոնք ատիկա կը ժխտեն, մենք դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունինք: Թուրքիան ոչ թէ կ՝աջակցի Ազրպէյճանին, այլ դարձած է հակամարտութեան մաս, քանի որ անոնք ռազմական սարքեր, խորհրդականներ, նիւթական աջակցութիւն, զէնք ուղարկած են Ազրպէյճան: Անշուշտ, ինչպէս միշտ, Թուրքիան կը փորձէ որեւէ առումով յիմարացնել միջազգային հանրութիւնը: Ատիկա շատ ըրած է` Սուրիոյ, Իրաքի, Լիպիոյ պարագաներուն, եւ մշտապէս պատմած է PKK մարտիկներու պատմութիւնը: Մեր պարագային կ՝ըսեն, թէ իրենք այնտեղ են, որպէսզի պաշտպանեն միջազգային ուժանիւթի սահմանը: Ասիկա ամբողջովին անհեթեթութիւն է: Այս միջազգային ուժանիւթի խողովակաշարերը, որ Պաքուէն Ճէյհան կը հասնին, կառուցուած են 20 տարի առաջ: Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կամ Հայաստանը ուզէին անոնց ուղղութեամբ կրակել, ատիկա պիտի ընէին 20 տարի առաջ, այլ ոչ թէ հիմա: Եթէ մենք 20 տարի առաջ այդ կազատարի շահագործումը դադրեցնէինք,ուստի Ազրպէյճանը յաջորդ 20 տարիներուն միլիառաւոր տոլարներ չէր վաստակեր եւ զինամթերք չէր գներ ու կրակեր հայերուն վրայ՝ սպաննելով անոնց: Սակայն մենք ատիկա չըրինք: Լեռնային Ղարաբաղի հայերը չկրակեցին այդ կազատարին վրայ, քանի որ մենք կը յարգենք միջազգային օրէնքները:
Ասիկա հակամարտութիւն է Ազրպէյճանի եւ հայերու միջեւ, որոնք կը մտածեն, որ ինքնորոշման իրաւունք ունին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ունին մնացեալ բոլոր ազգերը, ինչպէս նախկին Հարաւսլաւիոյ պետութիւնները, Սքոթլանտան: Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կ՝ըսեն, որ օրէնքի համաձայն հանրաքուէ իրականացուցած են: Այս ամէնուն Ազրպէյճանի պատասխանը միջնադարեան պատասխան է՝ պատերազմ, փոխանակ ըլլար այդ մարդոց կամքը յարգելը:
Հարց- Ինչպիսի՞ ապագայ կը տեսնէք: Հայաստանը ինչպէ՞ս կապուած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ, պատասխանատւութիւն ունի՞ք անոնց նկատմամբ:
Ի հարկէ: Եթէ Թուրքիան կ՝ըսէ, որ որոշակի ցեղական կապեր ունի Ազրպէյճանի հետ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՝ապրին նոյն հայերը. պատմականօրէն Հայաստանը աւելի մեծ եղած է: Անոնք հայեր են, որոնք կ՝ապրին այնտեղ հազարաւոր տարիներ: Ոչ միայն Հայաստանի մէջ ապրող հայերը, այլ ամբողջ աշխարհի հայերը պատասխանատւութիւն ունին, քանի որ եթէ մենք ազրպէյճանական կողմին արտօնենք ցեղական զտումներ իրականացնել, ուստի կը կատարուի այն, ինչ եղաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին, երբ հայերը ուղղակի ոչնչացուեցան եւ քշուեցան իրենց պատմական հայրենիքէն: Անոնց տուները, եկեղեցիները, քաղաքները ոչնչացուած են, եւ չկայ հայկական մշակոյթ: Ոչ միայն 1,5 միլիոն մարդ նահատակուած է, այլ նաեւ հսկայական մշակութային ժառանգութիւն, մշակոյթ ոչնչացուած է: Կրնա՞նք արդեօք արտօնել, որ այդ պատմութիւնը կրկնուի:
Հարց- Կ’ընդունի՞ք արդեօք ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւնը կամ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւը հրադադարի մասին:
Այդ հարցը 26 տարուայ պատմութիւն ունի: Մշտապէս քննարկուած է ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան հարցը: Սակայն երկու կողմերը, 26 տարուան ընթացքին, քիչ թէ շատ հասցուցած են ապրիլ հրադադարի պայմաններու մէջ, որ քանի մը առիթներով խախտուած է: Երկու կողմերը ընդունակ են նստելու եւ բանակցելու: Եթէ ատիկա չըլլար, պիտի ըսէի, որ բանակցիլ հնարաւոր չէ, Ռուսիոյ կամ այլ ուժերու պիտի ըսէինք՝ եկէք կանգնինք անոնց միջեւ: Այս պահուն կայ միջազգայնօրէն ճանչցուած կազմակերպութիւն՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը: Կայ նաեւ ՄԱԿ-ը: Եթէ այս կազմակերպութիւնները հանդէս գան առաջարկներով, ուստի առաջին հերթին պէտք է դիմեն ազրպէյճանական կողմին, որ վերսկսածլ է այս ռազմական գործողութիւնները: Հայերը նոյնիսկ չեն ալ մտածած նման գործողութիւներ սկսելու մասին: Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի մէջ Սեպտեմբեր 27-ին ոչ ոք կը մտածէր Ազրպէյճանի հետ պատերազմելու մասին: Այդպիսով, եթէ ՄԱԿ-ը, ԵԱՀԿ-ը, ԵՄ-ն, ՆԱԹՕ-ն, որուն անդամ է Թուրքիան, ճնշում գործադրեն Ազրպէյճանի վրայ՝ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, հայերը պիտի ըլլան առաջինը, որ պիտի համաձայնին ատոր հետ:
Yerakouyn.com
Leave a Reply