Քոնկրեսականներ խստօրէն կը դատապարտեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ առնուազն 25 քոնկրեսականներ՝ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամներ, խստօրէն դատապարտեցին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համակարգուած յարձակումը, մինչ այս գծով քոնկրեսականներու դիմելու Հայ Դատի կոչին անսացաին առաւել քան 100,000 անձեր։

Քոնկրեսականները նաեւ շեշտեցին, թէ պէտէ է կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը։

Ամերիկայի Հայ Դատի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան շեշտեց, թէ Ուաշիկթընի համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ կարելի չէ ամերիկեան գումարներով քաջալերել Անգարայի եւ Պաքուի այս ոճիրները։ Ան Քոնկրեսէն պահանջեց անմիջական քայլերու դիմելու այս գծով։

Նամակարշաւին մասնակցելու համար այցելել anca.org/call կայքէջը, իսկ քոնկրեսականներուն ցանկը եւ խօսքերը տեսնելու համար՝ https://asbarez.com/197211 կայքէջը։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2020
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ