Միջազգային հանրութենէն կը պահանջենք դատապարտել ամբողջ տարածաշրջանը ապակայունացնող Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ գործողութիւնները. Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակ

27 Սեպտեմբերի կանուխ առաւօտեան, Թուրքիոյ փաստացի մասնակցութեամբ ու զօրակցութեամբ, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը նախապէս ծրագրուած հերթական յարձակում ձեռնարկած է Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ: Սահմանագիծի ողջ երկայնքով ազրպէյճանական կողմը աշխոյժ հրետակոծութիւն սկսած է` թիրախ դարձնելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերը, ներառեալ` մայրաքաղաք Ստեփանակերտը:

Ազրպէյճանական զօրքերու` քանի մը ուղղութեամբ յարձակումները ետ մղուած են: Հակառակորդը կրած է մարդկային եւ զինուորական սարքերու կորուստներ: Մարտերը կը շարունակուին:

Անշուշտ, այս ճգնաժամային իրավիճակը եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան պնդումը իր ռազմատենչ քաղաքականութեան վրայ պիտի յանգեցնէ լարուածութեան աճին եւ արտաքին ուժերու ներկայութեան Իրանի հիւսիսային սահմաններուն մէջ:

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը մշտապէս հիմնուած եղած է տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վրայ` առանց արտատարածաշրջանային ուժերու միջամտութեան:

Հետեւաբար Արցախի մէջ ապրող ժողովուրդի իրաւունքներու հիմամբ արդար խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ կարեւոր կը համարուի Իրանի դիւանագիտական ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը, որ հաստատուն քայլ պիտի ըլլայ ե՛ւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ազգային շահերու պաշտպանութեան ու անվտանգութեան, ե՛ւ տարածաշրջանային տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Դատապարտելով Ազրպէյճանի յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան վրայ` միջազգային հանրութենէն կը պահանջենք դատապարտել ամբողջ տարածաշրջանը ապակայունացնող Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ գործողութիւնները:

ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ