ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը նախատեսէ արտակարգ նիստին քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը նախատեսէ երեքշաբթի, 29 սեպտեմբերին գումարել հրատապ դռնփակ խորհրդակցութիւններ` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:  «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է կազմակերպութեան աղբիւրը:

«Քննարկումը, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի օր`  դռնփակ խորհրդակցութեան ձեւաչափով», նշած է աղբիւրը:

ԹԱՍՍ-ի տեղեկութիւններով` հանդիպումը նախաձեռնած են եւրոպական շարք մը պետութիւններ:

Խորհրդակցութեան ձեւաչափը կ՛ենթադրէ, որ ներկայ ըլլան միայն Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամ երկիրներու դիւանագէտները` առանց տագնապի կողմերուն:

Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Ռեինսալուն 27 սեպտեմբերին յայտնած էր, որ Էսթոնիան, իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ, կը նախաձեռնէ խորհրդակցութիւններ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւնները քննարկելու համար:

http://www.aztagdaily.com/archives/484662 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ