Մենենտեզ Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը կը համարէ Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացած գործողութիւն

Ծերակուտական Պոպ Մենենդեսը խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի մարտական գործողութիւնները, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Մենենտեզ այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին:

«Ես խստօրէն կը դատապարտեմ Ազրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Սա Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացած եւս մէկ գործողութիւն է: Թրամփի վարչակազմը պէտք է դադրեցնէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ Ազրպէյճանին օգնութիւն ցուցաբերելը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջոցով նպաստէ հրադադարի հաստատման»,- նշած է ան:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2020
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ