Ծերակուտական Պոպ Մենենդեսը խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի մարտական գործողութիւնները, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Մենենտեզ այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին:
«Ես խստօրէն կը դատապարտեմ Ազրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Սա Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացած եւս մէկ գործողութիւն է: Թրամփի վարչակազմը պէտք է դադրեցնէ անվտանգութեան ոլորտին մէջ Ազրպէյճանին օգնութիւն ցուցաբերելը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միջոցով նպաստէ հրադադարի հաստատման»,- նշած է ան:
Yerakouyn.com
Leave a Reply