ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեծն Բրիտանիոյ «Հետըն» (Heddon) հրատարակչատունէն 2020-ին լոյս տեսաւ Սերժ Մոմճեանի «Տիգրան Մեծ. հին կայսրութեան մը ծագումն ու անկումը» անգլերէն աշխատութիւնը: Գիրքը բաղկացած է 173 էջերէ եւ բաժնուած է 24 գլուխներու:
Առաջին գլուխին մէջ հեղինակը կը խօսի գահաժառանգ իշխան Տիգրանի Պարթեւաստան տարուելուն, Ն. Ք. 112-111-ին, պարթեւական բանակի Հայաստան ներխուժումի ժամանակ:
Տիգրան Ն. Ք. 95-ին եօթանասուն հովիտներ զիջեցաւ Պարթեւաստանի եւ վերադարձաւ Հայաստան:
Երկրորդ գլուխով Մոմճեան կը նկարագրէ մայրաքաղաք Արտաշատի մէջ Տիգրանի թագադրութիւնը:
Երրորդ գլուխով հեղինակը կը խօսի Տիգրան թագաւորի առաջին արշաւանքի մասին, Ն. Ք. 94-93-ին, երբ ան Ծոփքը միացուց Մեծ Հայքի թագաւորութեան:
Չորրորդ գլուխը կը ներկայացնէ Պոնտոսի Միհրդատ Դ. Եւպատոր թագաւորը:
Յաջորդող գլուխներուն մէջ Սերժ Մոմճեան կը խօսի Հայաստանի եւ Պոնտոսի միջեւ դաշինքին եւ հայ-պոնտական ուժերու Կապադովկիա արշաւանքին մասին:
Կապադովկիան նուաճելով Տիգրան նպատակ ունէր Հայաստանը արեւմտեան կողմէն փրկել Հռոմի սպառնալիքէն:
Տիգրան գահընկէց ըրաւ Հռոմի դրածոյ Կապադովկիոյ թագաւորը:
Հռոմէական զօրքերը 92-ին ներխուժեցին Կապադովկիա եւ պարտութեան մատնեցին հայկական զօրքերը:
Հեղինակը այնուհետեւ կը խօսի Միջագետքի թագաւորութիւններու նուաճման մասին:
Պարթեւաստանի դէմ 87-85-ի պատերազմին Տիգրան գրաւեց Միջագետք Հայոցը, Կորդուքը, Միգդոնիան, Ադիաբենէն, Օսրոյենէն եւ Ատրպատականը. 85-ին Պարթեւաստանի հետ դաշինք կնքեց եւ ստացաւ արքայից արքայ կոչումը:
Առանձին գլուխով մը Մոմճեան կը ներկայացնէ մայրաքաղաք Տիգրանակերտի հիմնադրութիւնը եւ արագ բարգաւաճումը:
Ասորիքի Սելեւկեան թագաւորութեան գահը 83-ին յանձնուեցաւ Տիգրանի: Նոյն ժամանակ ան տիրեց Կոմմագենէի եւ դաշտային Կիլիկիոյ: Այնուհետեւ Տիգրան նուաճեց Փիւնիկէն եւ Հրէաստանը:
Հռոմէական զօրքերը Լուկուլլոսի հրամանատարութեան տակ 69-ին ներխուժեցին Հայաստան: Տիգրանակերտի ճակատամարտին հայկական ուժերը պարտութիւն կրեցին եւ նահանջեցին:
Այնուհետեւ հայկական ուժերը հակայարձակման անցան եւ Արածանիի ճակատամարտին պարտութեան մատնեցին հռոմէական զօրքերը:
Լուկուլլոս հեռացուեցաւ եւ զայն փոխարինեց Պոմպէոս:
Պոմպէոսի հռոմէական բանակը 66-ին ներխուժեց Հայաստան: Սկսան հաշտութեան բանակցութիւններ եւ կնքուեցաւ Արտաշատի դաշնագիրը:
Տիգրան մեծ մահացաւ Ն. Ք. 55-ին, անոր յաջորդեց որդին` Արտաւազդ Բ.:
http://www.aztagdaily.com/archives/483929
Leave a Reply