CNN Turk անդրադարձած է Սևրի դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու երիտասարդական կազմակերպութիւններու հատուցման կոչին

Սևրի Դաշնագրի ստորագրման 100-ամեակին առիթով` Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու ընկերվարական ուղղութիւն ունեցող երիտասարդական կազմակերպութիւններու համատեղ յայտարարութեան մասին անդրադարձած է CNN Turk հեռուստակայանը։

Օգոստոս 28-ին հեռարձակուած «Ուշադրութեան կեդրոն» հաղորդման ընթացքին թուրք լրագրողներ մօտաւորապէս քսան վայրկեան տեւողութեամբ քննարկած եւ յատկապէս քննադատած են Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) երիտասարդական խորհուրդի մասնակցութիւնը վերոնշեալ նախաձեռնութեան: Թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթը նոյնպէս անդրադարձած է վերոնշեալ յայտարարութեան։

Horizonweekly.ca 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2020
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ