Յայտարարութիւն

Ստանպուլի Կուսակալութունը, 29 օգոստոս 2020, շաբաթ օր, յայտարարած է՝ Նահանգային Առողջապահական Խորհուրդի կողմէ առնուած Քորոնայի Համավարակի հետ առընչուած յաւելեալ միջոցառումները։ 

Պատրիարքական Աթոռը, սոյն յայտարարութիւնը նկատի ունենալով, ըրած է  հետեւեալ տնօրինութիւնները.

1. Ս. Պսակի, մկրտութեան եւ յուղարկաւորութեան աւարտին փակ սրահներու մէջ սարքելի ընդունելութիւնները առկախուած են։ Բացօթեայ միջավայրի մէջ կարելի է սարքել, նկատի ունենալով միջավայրի տարողութեան 1/3 համեմատութիւնը։

2. Բացի հարսին եւ փեսային առաջին եւ երկրորդ կարգի ազգականներէն, 65 տարեկանէ վեր տարեցներու եւ 15 տարեկանէ վար տղոց, արարողութեան մասնակցութիւնը անկարելի է։

3. Բացի հանգուցեալի առաջին եւ երկրորդ կարգի ազգականներէն, 65 տարեկանէ վեր տարեցներու եւ 15 տարեկանէ վար տղոց, յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցութիւնը անկարելի է։

4. Բացի երախայի առաջին եւ երկրորդ կարգի ազգականներէն, 65 տարեկանէ վեր տարեցներու եւ 15 տարեկանէ վար տղոց, մկրտութեան արարողութեան մասնակցութիւնը անկարելի է։

Սոյն տնօրինութիւնները ի զօրու կը դառնան եւ բծախնդրութեամբ կը կիրարկուին 31 Օգոստոս 2020, Երկուշաբթի առաւօտէն սկսեալ։ Մեր համայնքի ուշադրութեան կը յանձնենք։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2020
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ