Ծանօթ համավարակի վերջերս արձանագրած յառաջացումը, Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Աթոռը Թաղային Խորհուրդներուն ու մեր համայնքի անդամներուն կը թելադրէ նկատի առնել հետեւեալ կէտերը։
1. Տաղաւարի Ս. Պատարագի մատուցման սկսիլ կարելի եղած չափով կանուխ ժամերուն։
2. Յաւարտ Ս. Պատարագի, արտաքոյ եկեղեցւոյ Անդաստանի եւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը զանց առնելով, միայն խաղողօրհնէքը կատարել եկեղեցւոյ մէջ, խորհրդանշական մի քանի ողկոյզով։
3. Եթէ թաղի եւ շրջափակի պարագաները թոյլատու չեն եւ կամ յարմարութիւն չեն ընձեռեր, Եկեղեցւոյ կամ շրջափակին մէջ ժողովուրդին խաղող չբաժնել։
4. Երէցներ Ս. Հաղորդութեան համար եկեղեցիներուն մէջ պիտի գտնուին մինչեւ ժամը՝ 12.30։ Խստիւ թելադրելի է յարգել ընկերային հեռաւորութեան ու դնչակապի (մասքէ) գործածութեան պայմանները եւ խուսափիլ վերոյիշեալ պայմանները խախտող մէկտեղումներէ։
Մեր հաւատքն է թէ՝ խորհրդանշական խաղողի օրհնութեամբ կ՚օրհնուին նաեւ որթատունկերն ու այգիները եւ անոնց պտղաբերութիւնը։ Ուստի եկեղեցւոյ մէջ կատարուած խաղողի օրհնութեամբ օրհնուած կ՚ըլլան նաեւ մեր տուներուն մէջ գտնուած խաղողի ողկոյզները։
Ս. Աստուածածնայ Տաղաւարին առթիւ կը խնդրենք Ս. Կոյսին բարեխօսութիւնը եւ կը հայցենք Ամենակալին Աստուծոյ ողորմութիւնն ու գթութիւնը։

https://www.facebook.com/127576530735572/posts/1601971919962685/