ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու մասին որոշումին դէմ իսլամական երկիրներէն բողոքի միակ ձայնը բարձրացաւ Եգիպտոսէն։
Եգիպտոսի միւֆթի Շաուքի Ալլամ պատկերասփիւռէն զրոյցի մը ընթացքին քննադատեց որոշումը եւ ըսաւ, որ եկեղեցիները պէտք է պահպանուին եւ մզկիթի պէտք չէ վերածուին, այնպէս ինչպէս, որ պէտք է պահպանուին մզկիթները եւ պէտք չէ որ եկեղեցիի վերածուին: Ան անընդունելի որակեց Այա Սոֆիայի մասին որոշումը եւ ըսաւ, որ Եգիպտոսի մէջ երբեք այսպիսի բան չէ պատահած։ Ան պաշտպանեց տարբեր կրօնքներու մասնայատկութիւնները պահպանելու գաղափարը: «Մեզի հրահանգուած է որ պաշտպան կանգնինք նաեւ եկեղեցիներուն. մարդկութիւնը պէտք է պաշտպան կանգնի մշակոյթի համաշխարհային ժառանգութեան», ըսաւ միւֆթի Շաուքի Ալլամ:
Asbarez.com
Leave a Reply