Թուրքիոյ խորհրդարանի չորս խմբակցութիւններ` իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խմբակցութիւնը, իշխանամէտ Ազգայնական շարժում խմբակցութիւնը, մեծագոյն ընդդիմադիր ուժ հանդիսացող Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը եւ «Լաւ» կուսակցութեան խմբակցութիւնը միացեալ հակահայկական յայտարարութեամբ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ազրպէյճանին 12 յուլիսէն սկսեալ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ շարունակուող զինուորական գործողութիւններուն առնչութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ, որ կարդացած է Թուրքիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Սիւրէա Սատի Պիլկիչ, կը նշուի. «Թուրքիոյ խորհրդարանը կը դատապարտէ Հայաստանի զինեալ ուժերու կոշտ յարձակումը Ազրպէյճանի Թովուզի շրջանին վրայ», եւ որ «Հայաստան կը գտնուի սխալ ուղիի վրայ»:
Կուսակցութիւնները իրենց յայտարարութեան մէջ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած են «արձագանգելու Հայաստանի գործողութիւններուն» եւ նշած են. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է խաղաղ լուծում ստանայ` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ»:
Յայտարարութեան վերջաւորութեան թրքական խորհրդարանական խմբակցութիւնները սպաննուածներուն համար ցաւակցութիւններ ուղղած են ազրպէյճանցի ժողովուրդին:
Aztagdaily.com
Leave a Reply