Պոլսոյ կեդրոնական փողոցներէն մէկը «Ատրպէյճան» կ՛անուանուի

ԵՐԵՒԱՆ, “Երկիր”.- Ճենտերէ փողոցը, որ կը գտնուի Պոլսոյ կեդրոնական թաղամասերէն մէկուն հնագոյն մասին` Սարիէրի մէջ, Պոլսոյ մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան առաջարկով եւ նախաձեռնութեամբ վերանուանուեցաւ «Ատրպէյճան փողոց»:

Ըստ ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներուն` «Երկու պետութիւն` մէկ ազգ» կարգախօսին համահունչ այս իրադարձութիւնը կը դառնայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատմական եղբայրութեան մէկ այլ վառ օրինակը:

Փողոցը վերանուանուած է Սարիէրի քաղաքային ժողովի համապատասխան որոշումին համաձայն: Այս որոշումը ներկայացուած է Պոլսոյ քաղաքային ժողովին`  պաշտօնական ընթացակարգերը աւարտելու համար:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2020
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ