Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած է առցանց ներկայացում մը, նուիրուած՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դրոշմաթուղթերուն եւ դրամանիշներուն։
Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան պիտի ներկայացնէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դրոշմաթուղթերուն եւ դրամանիշներուն հեղինակը եւ գծագրիչը՝ Արշակ Ֆեթվաճեանը։
Շատ հետաքրքրական է լսել արուեստագէտին կեանքի դժուար ճանապարհը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան աւարտէն ետք, ինչպէս նաեւ ծանօթանալ անոր հրաշալի գործերուն։ Պատկերազարդ դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Համազգայինի Մոնթրէալի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ (www.facebook.com/sanahinmontreal), Հինգշաբթի 25 Յունիսի երեկոյեան ժամը 8էն սկսեա: (Լոս Անճելըսի ժամով՝ 5ին)։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել hamazkayinmtl@gmail.com հասցէին։
Asbarez.com
Leave a Reply