Էրտողան կը փորձէ ահաբեկել Հայ Դատի գործիչները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ղեկավարած է իր աշխատակազմի խորհրդատուական մարմինի` մօտաւոր հինգ ժամ տեւած հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող քաղաքացիական գործիչներու դէմ ճնշումներ կազմակերպելու հարցը: Այսպիսով Էրտողան  նախ եւ առաջ կը թիրախաւորէ եւ կը փորձէ ահաբեկել ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը, որոնք ամբողջ աշխարհին մէջ տասնամեակներ շարունակ արդիւնաւէտ ձեւով կը պայքարին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար` օգտագործելով քաղաքացիական աքթիւիզմի գործիքակազմը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` դիմելով եւրոպական կառոյցներուն, որոնց կարգին` Եւրոպական խորհրդարանին, Եւրոպական Միութեան խորհուրդին, Եւրոպական յանձնաժողովին, Եւրոպական խորհուրդին, եւ կոչ ուղղած է` քայլերու ձեռնարկելու թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Հայ Դատի գործիչներուն դէմ ուղղուած այլատեաց քաղաքականութեան նկատմամբ:

Այս առնչութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Այս հանդիպումը, փաստօրէն, Էրտողանի` այս տարուան մայիս ամսուան կատարած յայտարարութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է, երբ ան սպառնաց պայքարիլ «հայկական լոպի»-ին դէմ, որ անշուշտ, նախ եւ առաջ կ՛ընդգրկէ ամբողջ աշխարհին մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը: Ասիկա անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ, ցաւօք, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ հայերուն դէմ ատելութեան սերմանումը Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնն են»:

«Այժմ Էրտողանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս եւ բացայայտօրէն որոշում տուած է ահաբեկման պետական քաղաքականութիւն վարել ամբողջ աշխարհին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքար մղողներուն դէմ: Սակայն,  թրքական իշխանութիւնները պէտք է արդէն հասկցած ըլլային, որ Հայ Դատի գործիչներուն դէմ ահաբեկումը`  ինչպէս չէ գործած նախապէս, նաեւ պիտի չգործէ ապագային ալ: Ընդհակառակը, ասիկա նոյնիսկ ազդակ է` ալ աւելի աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու եւ յանուն արդարութեան հաստատման մեր ուժերը ալ աւելի միաւորելու: Այս հանդիպումը, սակայն, անգամ մը եւս ցոյց տուաւ Էրտողանի կառավարութեան իրական դէմքը, եւ թէ ի՛նչ քայլեր առնելու ընդունակ է անիկա:

«Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը, ինչպէս նաեւ հատուցումները համընդհանուր արդարութեան հաստատման խնդիր են: Թուրքիան ստիպուած է իր անցեալին հետ հաշուի նստելու: Այս է, որ Թուրքիայէն կը պահանջեն աշխարհի տասնեակ երկիրներու խորհրդարաններ, այդ կարգին նաեւ` Եւրոպական խորհրդարանը»,-  ամփոփեց Կարապետեան:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2020
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ