Հայ Դատը Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու պահանջով նահանգապետին վրայ ճնշում բանեցնելու կոչ կ՛ընէ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը խոր մտահոգութիւն յայտնեց 38 տարիներէ ի վեր բանտարկուած Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու որոշումը մերժելու նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի որոշումին նկատմամբ։

Յիշեցնելով, որ կազմակերպութիւնը կը պաշտպանէ առաւել քան մէկ միլիոն հայերու իրաւունքները՝ Հայ Դատը կը շեշտէ, որ նահանգապետին որոշումը աւելի անընդուելի կը դառնայ, երբ նկատի առնենք այն փաստը, որ ան մօտէն ծանօթ է Հայեց Ցեղասպանութեան ծալքերուն եւ հետեւանքներուն ու շատ լաւ գիտէ, որ նահանգին հայութիւնը միաձայնութեամբ նեցուկ կը կանգնի Համբիկ Սասունեանը մարդասիրական նկատառումներով ազատ արձակելու պահանջին, պահանջ մը, որուն երկու առիթներով միաձայնութեամբ դրական պատասխան տուած են Բանտարկեալներու ազատ արձակման տարբեր խորհուրդներ։

Հայ Դատը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտէ, որ նահանգին արդարադատութեան համակարգը պատանդ դարձած է Թուրքիոյ եւ անհիմն կը նկատէ այն պնդումը, որ Համբիկ Սասունեանը ազատ արձկաուելէ ետք կրնայ վտանգ սպառնալ նահանգին բնակչութեան։

Նշելով, որ յառաջիկայ տարի նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ առիթ մը եւս ունի ներում շնորհելու Համբիկ Սասունեանին՝ Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ ընկերային արդարութիւն հաստատելու նպատակով՝ ճնշում բանեցնելու նահանգապետին վրայ, որպէսզի Սասունեան կարենայ իրականացնել իր կեանքը Հայաստանի մէջ շարունակելու երազը։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2020
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ