Արեւմտահայերէն տեսանիւթեր «Հայկաշխարհ» կայքին վրայ

Երեք տարի առաջ հաստատուած եւ արեւմտահայերէնով մանկապատանեկան նիւթեր պարունակող «Հայկաշխարհ» կայքը՝ www.armlands.com նպատակ ունի պահպանել եւ զարգացնել աշակերտներու արեւմտահայերէնը։

Մէկ ամիսէ ի վեր կը գործէ նաեւ կայքին yօutube ալիքը, ուր տեղ կը գտնեն տարբեր տարիքի համար, մատչելի արեւմտահայերէնով եւ գրաւիչ տեսանիւթեր, որոնք այժմ մաս կը կազմեն Ամերիկայի, Գանատայի, Քուէյթի, Ֆրանսայի եւ այլ երկրներու հայկական դպրոցներու կրթական ծրագիրներուն։ Կայքը եւ ալիքը հետեւորդներ ունին աշխարհի աւելի քան 18 երկիրներէ եւ այս կարճ ժամանակի ընթացքին ունեցած են առաւել քան 10,000 դիտումներ, որոնց զգալի մասը եղած է խմբակային դասերու ընթացքին։

Դաստիարակաչական շարք մը նիւթերու կողքին, հոն կան նաեւ հեքիաթներ։

«Հայկաշխարհ»ի yօutube ալիքը շաբաթական նուազագոյնը երկու նիւթ պիտի ներկայացնէ։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2020
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ