Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու այցելած է Իսկիւտարի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի:
Թրքական Sozcu–ի փոխանցմամբ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Էդուարդ Այվազեան քաղաքապետին տեղեկութիւններ յայտնած է օրեր առաջ տեղի ունեցած դէպքին մասին, երբ տղամարդ մը, վար արած ու նետած էր եկեղեցւոյ դրան վրայի խաչը:
Այվազեան նշած է, որ խաչը արդէն տեղադրուած է տեղը, կը փոխանցէ news.am-ը:
Իմամօղու իր հերթին շեշտած է, որ որեւէ կրօնական հաստատութեան դէմ յարձակումը ` յարձակում է իրեն դէմ:
Yerakouyn.com
Leave a Reply