Պոլսոյ հայկական եկեղեցւոյ խաչը հանած անձը ձերբակալուած է

 

Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման առթիւ մէկ անձ ձերբակալուած է:

Պոլսոյ գլխաւոր հանրապետական դատախազութենէն լրատուամիջոցներուն յայտնած են, որ «Աղօթատեղիներուն վնաս պատճառելու» մեղադրանքով հետաքննութիւն սկսած է:

Նշենք, որ օրեր առաջ անյայտ անձը վայրագօրէն հանած ու գետին նետած է եկեղեցւոյ մուտքի դարպասներուն վրայ տեղադրուած խաչը: Ատելութեան հողի վրայ իրականացուած յարձակման պահը արձանագրած էին եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսախցիկները:

Յարձակման մասին բողոք ներկայացուած է ոստիկանութիւն, իսկ պոկուած խաչի փոխարէն տեղադրուած է նորը: Ոստիկանութեան մէջ տեսախցիկներու տեսագրութեան օգնութեամբ պարզուած է յարձակում կատարած անձի ինքնութիւնը, եւ ձերբակալուած: Դէպքի առթիւ հետաքննութիւնը կը շարունակուի:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2020
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ