Մենք անձնապէս գիտենք, թէ իրենց ծառայութիւնը որքան արժանի է գնահատանքի։ Անցեալին Պատրիարքական Աթոռը զանազան առիթներով գնահատական արտայայտութիւններ ունեցած է վարժարանի կրթական համակարգին նկատմամբ…»

Այս տո­ղե­րով կար­­­ծես ամ­­­բողջ պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թեան զգա­­­ցումնե­­­րը կը նկա­­­րագ­­­րէր Սա­­­հակ Բ. Պատ­­­րիարք Եր­­­րորդու­­­թեան թա­­­ղակա­­­նու­­­թեան ուղղած մե­­­ղադ­­­րա­­­­­­­կան բնոյ­­­թով գրի առած նա­­­մակին մէջ։ Բո­­­լորիս ծա­­­նօթ է, որ Պէ­­­յօղ­­­լու թա­­­ղի վար­­­չութիւ­­­նը բո­­­լորին ընդվզում պատ­­­ճա­­­­­­­ռող ոճով մը վերջ տո­­­ւած էր Էսաեան վար­­­ժա­­­­­­­րանի զոյգ տնօ­­­րէն­­­նե­­­­­­­րու պաշ­­­տօ­­­­­­­նին։ Ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւն է տես­­­նել, թէ այս որո­­­շու­­­մը հան­­­դի­­­­­­­պեցաւ ժո­­­ղովրդա­­­կան լայն խա­­­ւի մը հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեան։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այդ հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը չբա­­­ւարա­­­րուե­­­ցաւ լոկ սոցցան­­­ցե­­­­­­­րու գրա­­­ռումնե­­­րով եւ բո­­­ղոքի ձայ­­­նը փո­­­ղոց իջե­­­ցուց եր­­­կու ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րու բնա­­­կած փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րուն վրայ։ Հա­­­յաշատ թա­­­ղի Թիւրքպէյ եւ Սա­­­տըք Շեն­­­տիլ փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը 20 Մա­­­յիս Չո­­­րեք­­­շաբթի օր կը թնդա­­­յին «Էսաեան» վան­­­կարկումնե­­­րով, երբ խումբ մը ու­­­սա­­­­­­­նող եւ շրջա­­­նաւարտ իրենց ձե­­­ռին ու­­­նե­­­­­­­նալով ծաղ­­­կե­­­­­­­փունջեր եկած էին Սա­­­թենիկ Նշա­­­նի եւ Առ­­­լին Եշիլ­­­թե­­­­­­­փէի զօ­­­րակ­­­ցե­­­­­­­լու հա­­­մար։

Նշենք որ հայ հա­­­մայնքի հա­­­մար ան­­­սո­­­­­­­վոր երե­­­ւոյթ մըն էր պար­­­զո­­­­­­­ւածը, բայց նաեւ նոյնքան պա­­­տուա­­­բեր, քա­­­նի դրա­­­ցիներ ալ պա­­­տու­­­հան ելած ծա­­­փերով կ՚ող­­­ջունէին կա­­­տարո­­­ւածը։ Իս­­­կա­­­­­­­պէս դժբախ­­­տութեան երե­­­ւոյթ մը, Սուրբ Եր­­­րորդու­­­թիւն եկե­­­ղեց­­­ւոյ թա­­­ղակա­­­նու­­­թեան հա­­­շուոյն։ Գոր­­­ծած էին սխալ մը եւ այս սխա­­­լը ար­­­ժա­­­­­­­նի կեր­­­պով կը փո­­­խադար­­­ձո­­­­­­­ւէր իրենց երե­­­սին։

Ցարդ մե­­­զի հա­­­մար անստոյգ է, թէ թա­­­ղակա­­­նու­­­թիւնը ի՞նչ տե­­­սակ դրդումնե­­­րով դի­­­մած է նման տգեղ վե­­­րաբե­­­րու­­­մի։ Չէ յար­­­գած պատ­­­շա­­­­­­­ճու­­­թեան նոյ­­­նիսկ ամե­­­նահիմ­­­նա­­­­­­­կան կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րը եւ վնա­­­սած է նախ եւ առաջ իր հե­­­ղինա­­­կու­­­թիւնը։ Այս պա­­­հուն այ­­­լեւս շատ ալ իմաստ մը պի­­­տի չու­­­նե­­­­­­­նայ կա­­­տարո­­­ւածը սրբագ­­­րե­­­­­­­լու որե­­­ւէ փորձ։ Աւե­­­լին ծանր հար­­­ցա­­­­­­­կան մը պի­­­տի գո­­­յանայ այս պաշ­­­տօ­­­­­­­նը յա­­­ջոր­­­դող անու­­­նին հա­­­մար։ Նման ան­­­բա­­­­­­­րոյ վար­­­քէ ետք ո՞վ պի­­­տի հա­­­մակեր­­­պի այս նոյն պաշ­­­տօ­­­­­­­նը ստանձնե­­­լու։

Agos.com.tr