Անգարա կը հակադարձէ Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման

ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»– Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձեց Չեխիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունման:

«Չեխիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտին մէջ ընդունուած որոշումը ցոյց կու տայ, որ 2017ին պետութիւններու յարաբերութիւններուն վնաս հասցուցած խեղաթիւրուած մտածելակերպը կը շարունակէ գործել Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ՝ քննադատելով «այդ երկրին մէջ նենգ մտածելակերպի առկայութիւնը»:

Յիշեցնենք, որ Չեխիոյ խորհրդարանը 2017ին հաստատած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը:

Asbarez.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2020
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ