Սուրիոյ հիւսիսը քրտական կազմակերպութիւնները միաւորող կառոյց մը հիմնուեցաւ

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»– Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ (Սուրիական Քիւրտիստան կամ Ռոժովա) գործող 25 քրտական կուսակցութիւններ ու քաղաքական շարժումներ միաւորեցան ընդհանուր կառոյցի մը մէջ։

«Քրտական ազգային միութեան կուսակցութիւններ» անունով կառոյցը հիմնուեցաւ Սուրիոյ մարդաբնակ Քամիշլի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համագումարին ընթացքին։

Կառոյցին վերաբերեալ կատարուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ անիկա պիտի իրականացնէ քիւրտերուն միասնականութեան ուղղուած գործողութիւններ։

Յայտնենք, որ կառոյցին հիմնադրութեան նախաձեռնեց Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժեր անունով յայտնի եւ մեծ մասամբ քիւրտերէ բաղկացած զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2020
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ