«Թուրքիան պիտի շարունակէ պայքարիլ հայկական եւ յունական լոպիներէն մինչեւ Ծոցի շրջանին մէջ ատելութեան կեդրոններ երկարող չար ուժերուն դէմ» կ՛ըսէ Էրտողան

•

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին եւ երկրի տնտեսական իրավիճակին նուիրուած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է դժուար իրավիճակին մէջ իշխանութիւններուն աջակցող ուժերուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է այն ուժերուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնցմէ սպառնալիք կը տեսնէ Թուրքիոյ համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Թուրքիոյ դէմ կատարուող ոչ մէկ խաղ կրնայ խաթարել մեր օրհնուած երթը: Մենք պիտի շարունակենք հիասթափեցնել բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ մեր տնտեսութիւնը պիտի կործանի», ըսաւ ան:

Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչութեան եւ օտար ուժերու դէմ, ներառեալ «հայկական եւ յունական լոպիներէն մինչեւ Ծոցի շրջանին մէջ գտնուող ատելութեան կեդրոններ երկարող չար ուժերը»,  յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:

Ան իր խօսքին մէջ նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ 16¬էն 19 մայիս դարձեալ առողջապահական մեկուսացումի արտակարգ դրութիւն պիտի հաստատուի եւ պիտի արգիլուի տունէն դուրս գալ:

Aztagdaiily.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2020
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ