Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին եւ երկրի տնտեսական իրավիճակին նուիրուած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է դժուար իրավիճակին մէջ իշխանութիւններուն աջակցող ուժերուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է այն ուժերուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնցմէ սպառնալիք կը տեսնէ Թուրքիոյ համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Թուրքիոյ դէմ կատարուող ոչ մէկ խաղ կրնայ խաթարել մեր օրհնուած երթը: Մենք պիտի շարունակենք հիասթափեցնել բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ մեր տնտեսութիւնը պիտի կործանի», ըսաւ ան:
Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչութեան եւ օտար ուժերու դէմ, ներառեալ «հայկական եւ յունական լոպիներէն մինչեւ Ծոցի շրջանին մէջ գտնուող ատելութեան կեդրոններ երկարող չար ուժերը», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:
Ան իր խօսքին մէջ նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ 16¬էն 19 մայիս դարձեալ առողջապահական մեկուսացումի արտակարգ դրութիւն պիտի հաստատուի եւ պիտի արգիլուի տունէն դուրս գալ:
Aztagdaiily.com
Leave a Reply