Եւրոպայի Հայ Դատը կը քննադատէ Ցեղասպանութեան մասին Եւրոպական Միութեան խուսափողական յայտարարութիւնը

ՊՐԻՒՔՍԷԼԵւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան բաց նամակ մը յղեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինիին՝ քննադատելով Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով առաքելութեան կատարած յայտարարութիւնը։

Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ ի տարբերութիւն 2019ի, 2018ի, 2017ի եւ 2016ի յայտարարութիւններուն, այս տարի Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը խուսափեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը գործածելէ, անոր փոխարէն յիշատակելով «ողբերգական իրադարձութիւններ» արտայայտութիւնը:

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը ցաւ յայտնեց այս հրապարակումին համար՝ շեշտելով, որ անիկա պատշաճ յարգանքի տուրք չի մատուցեր Ցեղասպանութեան 1․5 միլիոն զոհերուն եւ «վտանգաւոր աստիճանի անորոշ եւ մոլորեցնող» քայլ մըն է՝ աւելցնելով․«Հայոց Ցեղասպանութեան անկեղծ եւ ընդունելի յիշատակումը կը պահանջէ ճշմարտութեան յստակ հաստատումը»։

Horizonweekly.ca

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2020
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ