Իսրայէլի Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը աններելի է. The Jerusalem Post

Իսրայելի յայտնի The Jerusalem Post օրաթերթը Հայոց Ցեղասպանութեանը նուիրուած «Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը աններելի է» վերնագիրով  յօդուած հրապարակած է: Թերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի բազմաթիւ առաջնորդներ պատմութեան տարբեր փուլերուն հրապարակայնօրէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց, որպէս ազգ, հրէական պետութիւնը կը հրաժարի ատիկա ընելէն. Ըստ «Եռագոյին»-ին՝ կը հաղորդէ Yerkir.am-ը:

«Անցեալ շաբաթ հրէաներն ու իսրայէլցիները ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛ընդունին եւ կը յիշեն այն 6 միլիոն հրէաները, որոնք բարբարոսաբար եւ դաժանաբար սպաննուած են Հոլոքոսթի ընթացքին` նացիստներու կողմէ: Բայց Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակումէն միայն քանի օր ետք կու գայ եւս մէկ ցեղասպանութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրը: Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է` նուիրուած աւելի քան մէկ միլիոն հայերուն, որոնք սպաննուած են թուրք-օսմանցիներու ձեռքով: Այդուհանդերձ այդ օրը կրնայ այս երկրին մեծ մասին մէջ անուշադրութեան մատնուիլ:

Հակառակ Իսրայէլի պատմութեան ու հրէաներու էթնիկ զտման եւ ջարդերու հաւաքական վէրքին…, Իսրայէլը չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ բացի այդ Իսրայէլը քայլեր չի ձեռնարկեր այդ օրը յիշատակելու որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան օր: Փաստացի, Քնեսէթը ոչ մէկ անգամ չէ յաջողած ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տարբեր քաղաքական շահերու պատճառով…», – կը գրէ թերթը:

Ըստ օրաթերթին` Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալուն պատճառը վախն էր Թուրքիոյ հնարաւոր արձագանգման, պետութեան մը, որ պատմականօրէն եղած է Իսրայէլի անվտանգութեան կարեւոր դաշնակիցներէն մէկը: Սակայն այսօր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները փչացած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական վերաբերմունքի պատճառով, բայց եւ այնպէս Իսրայէլը տակաւին չի ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

2018-ին պատգամաւոր Թանաթ Զանռպերկը փորձած էր այդ բացը լրացնել, սակայն օրինագիծը կառավարութեան կողմէ ետ ուղարկուած էր: 2019-ին երկրի կառավարութեան շարք մը անդամներ կոչ ըրած էին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` ի դէմս Կապոյտներու եւ Սպիտակներու առաջնորդ Եայիր Լապիտի եւ «Լիքուտ»-ի ղեկավար Գիտէոն Սաարի, բայց անիկա նոյնպէս մերժուեցաւ կառավարութեան կողմէ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ 1915-ի Ապրիլ 24-ը կը համարուի Հայոց Ցեղասպանութեան մեկնարկի օր, բայց այդ արիւնալի արշաւը սկսած էր դեռ քանի մը տարի առաջ, երբ 1890-ականներուն սուլթան Ապտուլ Համիտի օրօք, կոտորուեցաւ 100-300.000 հայ:

«Ապրիլ 24-ին թուրքերը կրկնապատկեցին ուժերը եւ արշաւ սկսան հայ քրիստոնեաներու դէմ, այնքան սարսափելի, ինչպիսին աշխարհը չէր տեսած: Անոնք սկսած էին 250 հայ մտաւորականներու ձերբակալութեամբ եւ սպանութեամբ…: Հայերը թալանուեցան, ունեզրկուեցան եւ մասսայական աքսորուեցան: Անոնք կ՛ուղարկուէին մահուան քայլերթի` դէպի սուրիական անապատ` անմարդկային պայմաններու մէջ, իսկ կիներն ու աղջիկները կը բռնաբարէին եւ կը ստրկացնէին: Անոնք, որոնք ողջ մնացեած էին, կ՛ուղարկէին համակեդրոնացման ճամբարներ, ուր կամ կը սպաննէին կամ կը ձգէին, որ մահանան: Գրեթէ 50.000 հայեր նետուած էին Սեւ ծով…: 1914-18 թուականներուն թուրք-օսմանցիներու կողմէ սպաննուած է 1-1.5 միլիոն հայ` այդ ժամանակ պատմութեան մէջ էթնիկ հողի վրայ իրականացուած ամենամեծ ցեղասպանութեան ընթացքին», – կը նշէ թերթը` աւելցնելով, որ ի տարբերութիւն Գերմանիոյ, Թուրքիան չի ճանչնար այս ոճրագործութիւնը եւ նոյնիսկ կը ճնշէ ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրքերը, եւ մինչ օրս հայերու դէմ ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցուած, եւ հայերը չեն ստացած փոխհատուցում «ցեղսապանութեան մը համար, որ շարք մը պատմաբաններ կը համարեն Հոլոքոսթին նախորդած»:

Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ Ատոլֆ Հիթլերի յայտնի արտայայտութիւնը. «Ո՞վ այսքանէն ետք կը յիշէ հայերու կոտորածը»:

«Պատկերացուցէք, եթէ Հոլոքոսթի գլխաւոր մեղաւորները երբեք չբռնուէին իրենց յանցանքներուն համար, Գերմանիան հերքէր, որ Հոլոքոսթ տեղի ունեցած է: Պատկերացուցէք, որ Գերմանիան ատոր փոխարէն պատժէր բոլոր զանոնք, որոնք հակառակը կ’ըսէին եւ սպառնար դադրեցնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները:

Իսրայէլի որոշ առաջնորդներ արդէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախագահ Ռէուվեն Ռիւլինը, որ վաղուց կոչ կ՛ընէր ճանչնալու զայն, 2015-ին յայտարարած էր. «Իմ աւագ եղբայներէն մէկը Հոլոքոսթէն 25 տարի առաջ ըսած էր, որ եթէ մենք հանդէս չգանք այն բանի դէմ, ինչ կը կատարուի հայերու հետ հիմա, ապա ինչ պիտի ըլլայ, երբ նման բան մեր դէմ ընեն: Կ՛ըսեն, որ նացիստները օգտագործած են հայերու ցեղասպանութիւնը, որպէս գործիք մը, որ անոնց հնարաւորութիւն տուած է Հոլոքոսթը իրականութիւն դարձնելու: «Այլեւս երբեք»-ը կը պատկանին բոլոր ազգերուն:

Եկած է ժամանակը, որ իսրայէլցի ղեկավարները իրական առաջնորդութիւն ցուցաբերեն եւ, որպէս պետութիւն, ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Իսրայէլ պետութեան համար, որպէս հրէական պետութիւն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը կը համարուի ժամանակակից Իսրայէլի մեծագոյն խորհրդանշական ձախողութիւններէն մէկը: Աշխարհի եւ Իսրայէլի համար եկած է ժամանակը. հիմա ճանչցէ՛ք Հայոց Ցեղասպանութիւնը», – կը նշէ The Jerusalem Post-ը:

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2020
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ