Ապրիլը Հայոց Ցեղասանութեան ամիս՝ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանին մէջ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «www.coloradoboulevard.net».- Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ Ապրիլ ամիսը կը դարձնէ Հայոց Ցեղասանութեան ամիս կրթաշրջանի տարածքին։

Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ կրթաշրջանի ուսուցիչները լաւապէս պատրաստուած են Հայոց Ցեղասանութիւնը դասաւանդելու, նոյն ժամանակ դրուատելով այն ուսուցիչները, որոնք առաջնահերթութիւն կու տան մարդկային իրաւանց եւ ցեղասանութեան վերաբերող դասանիւթներուն եւ օրինակելի կերպով կը կատարեն զանոնք։

Յիշեցնենք, որ Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանը անցեալ ամիս հաստատած էր անգլերէնով եւ հայերէնով դասաւանդուող երկրորդական վարժարանի քաղաքին անդրանիկ ծրագիրը, որուն արձանագրութիւնները սկսած են։ Ծրագիրը պիտի իրագործուի քաղաքին Պլեր վարժարանին մէջ։ Արձանագրուելու համար այցելել www.pusd.us/Page/7799 կայքէջը։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2020
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ